2014-03-06 09:56:44

Ուքրանիոյ խաղաղութեան համար աղօթք` Ճենովայի թեմի առաջնորդը Աստուածամօր կը յանձնէ Ուքրանիոյ ժողովուրդը։


Մինչ համայն աշխարհը եւ մասնաւորապէս Եւրոպան մտահոգութեամբ կը հետեւին Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող քաղաքական անցուդարձերուն, Իտալիոյ Ճենովա քաղաքի առաջնորդը` կարտինալ Անճելօ Պանիասքօ, 6 մարտի յետմիջօրէի ժամը 5-ին, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, շրջապատուած ուքրանացի գաղթականներով, իր ջերմ աղօթքը կը բարձրացնէ Ամենակալին որպէսզի խաղաղութիւնը վերահաստատուի Ուքրանիոյ մէջ։
Թեմի առաջնորդը Աստուածամօր բարեխօսութիւնը կը հայցէ որպէսզի իր հովանաւորութեան տակ առնէ Ուքրանացի ազգը։
Հայր Վիթալի Թարասենքօ` հոգեւոր առաջնորդը Ճենովայի մէջ ապրող ուքրանացիներուն ըսաւ. ''սփիւռք ապրող ուքրանացիները մեծ մտավախութեամբ կը հետեւին իրենց հայրենիքին մէջ տեղի ունեցող անցուդարձերուն եւ իրեքն զիրենք անկարող կը զգան օգնութեան հասնելու իրենց սիրելիներուն։ Աղօթքին ընթացքին կ՛արտասանուի ''Մոլոտեն'' կոչուած կաթողիկէ-Բիւզանդական մարեմեան յատուկ աղօթքը։
Նշենք որ Ուքրանիոյ առողջապահութեան նախարարին տուեալներուն համաձայն Քիեւի Մայտան հրապարակի վրայ 98 հոգիներ զոհ գացած են, կան աւելի քան 220 ծանր վիրաւորներ, ու շատ մը դիակներու ինքնութիւնը տակաւին չէ ճանչցուած մինչ աւելի քան 300 անհատներ կը թուին անյայտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.